Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница 15

Название: Թորոս Լեւոնի

Автор: Ծերենց

Издательство: Aegitas

Жанр: История

Серия:

isbn: 9781772467963

isbn:

СКАЧАТЬ ալ չունիմ, մանաւանդ թէ շատ համարմունք ալ ունիմ. բայց ժամանակը, պարագաները, բախտին փոփոխութիւնները մարդկային խեղճ սրտին վրայ շատ եւ անկարծելի ազդեցութիւններ ունին: Ես չեմ կրնար իմ Եւփիմես` իր պատիւը, իր ստացուածքը, իր գեղեցկութիւնը երիտասարդութեան փոփոխամտութեան անձնատուր ընէի պսակի արարողութիւնը բաւական գրաւական մ՚է:

      – Ես բոլորովին քու կամացդ հետեւելով ալ` չեմ կրնար մոռնալ ամէն օրուան պսակներու ոչնչանալն պատրիարքական վճիռներով:

      – Մեր եկեղեցին շատ թուլացուցած է ամուսնութեան կանոնաց խստութիւնը, բայց հայոց մէջ այդպէս չէ. Անուոյ թագաւորներն նաեւ գիտեմ թէ ամուսնութեան կանոնաց անհնազանդ գտնուելու յանդգնութիւն շատ քիչ անգամ ունեցեր են: Բայց ժամանակ կորսնցնել պէտք չէ:

      – Ես քեզի արգելք չեմ, հայրիկ, ըրէ՛ ինչ որ կ'ուզես:

      Ծերը շուտ մը ելաւ ծառայ մը կանչեց, ապսպբեց Թորոսի տան ծառայող երկու անձինքը առնուլ` դեռ չի լուսցած` նաւակ մը դնել Թարապիայ տանիլ. երկու որմնագործ, որ արդէն իր հրամանին կը սպասէին` բերել տուաւ եւ գաղտնի դուռը ամրացնելեն վերջը հռոմայեցի ծեփով (որու գաղտնեաց հմուտ էր ինք) որմնել տուաւ ներսեն եւ անմիջապէս նստաւ թուղթ մը գրեց բարեկամ հայ վարդապետի մը, ուսկից կը խնդրէր ծպտեալ իր ցոյց տուած ժամատեղն գտնուիի եւ երբ այս ամէն բանն կարգադրեց ու կատարեց` բարի գիշեր մաղթելով իւր սանուհուոյն, գնաց իր սենեակը, քաշուեցաւ քնանալու:

      Իսկ Եւփիմէ տեսնելով իր ծեր խնամակալին անխռով վստահութիւնը, հանդարտեցաւ. կանչեց իր նաժիշտները զինքը հանուեցնելու, եւ իր երկրորդ օրուան երջանկութեան մտածութեամբ զբաղած մոռցաւ գրեթէ ալեկոծութիւնը, որ քանի մը ժամ առաջ զինք կը տարուբերէր, եւ երջանիկ քունի մէջ ընկղմեցաւ: Երբ առաւօտուն արթնցաւ, Դիոնիս ելած` քանի մը երեւելի անձանց այցելութիւն ըրած, իր է՛ն կարեւոր տեղեկութիւններն ստացած եւ վտանգը հեռացնելու ամէն հնարք ի գործ դրած էր: Ուստի երբ Եւփիմէին քով մտաւ` նա իւր առջի նայուածքեն ապահովեալ`

      – Հայրիկ, ի՞նչ պիտի ընենք այսօր, – հարցուց:

      – Կը հագնուինք, կը զարգարուինք եւ կ'երթանք զուարճանալու:

      – Զուարճութիւ՜ն… ո՜հ, բառը գեղեցիկ է, զուարճութիւն Դիոնիսի համար, իր գրքերեն, իր ուսմունքներէն դուրս. ինչչա՛փ սուղի կը լինիմ քեզի, սիրո՛ւն հայրիկ, – ըսաւ Եւփիմէ եւ ծերուն երեսները պագաւ: Դիոնիս իր բոլոր փիլիսոփայական ծանրութեամբ չի կրցաւ ախորժանաց ժպիտ մը չարձակել, վասնզի ծերերուն բնական է ախորժիլ երիտասարդ գգուանքէ: Բայց դարձեալ պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնել հրամայեց, ամէն բան կարգի դրաւ, եւ երբ ճաշն ըրին, ու Եւփիմէ կը հարցնէր թէ պէտք չէ՞ր պատրաստուիլ, «Քիչ մ՚ալ կ'ըսէր ծերը պէտք է համբերել, վասնզի ոստիկանութեան կը սպասեմ». եւ իրօք ծառայ մը եկաւ իմացնելու թէ ոստիկանութեան մեծը կը խնդրէր այցելութիւն մ՚ընել պալատին` Տիկին օրիորդի հրամանաւ:

      Եւ ահա ոստիկանապետն ներս մտաւ ու ամենայն մեծարանոք ողջունելէ վերջ`

      – Տիկին օրիորդ, – ըսաւ, – խնդրեմ հրաման տաք, որ քանի մը սենեակներու փոքրիկ խուզարկութիւն մը ընեն մեր պաշտօնատարք:

      Ի՜նչ արդեօք, – ըսաւ Եւփիմէ, – միթէ մեծ յանցա՞նք մը` ոճի՞ր մը իմ տանս մէջ կը յուսացուի:

      – Յուսացուի՜լ, չէ, բայց ո՜յ գիտէ, տանը Յարմարութիւնը, դիրքը` կասկածներ կրնան տալ, ուստի ամէն անոնք փարատելու համար…

      – Լաւ՛, տիար, ի՛նչ խուզարկութիւն, որ ուզէք` տէր էք:

      Ան СКАЧАТЬ