Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница 11

Название: Թորոս Լեւոնի

Автор: Ծերենց

Издательство: Aegitas

Жанр: История

Серия:

isbn: 9781772467963

isbn:

СКАЧАТЬ աստուծոյ:

      – Այդ կողմեն ալ սիրտդ հանգիստ բռնէ. առ սա քանի մը ոսկին, անցիր դիմացի կողմը Ղալաթիոյ քաղաքը, հոն հայոց եկեղեցի ալ կայ նայէ՛, տեսնուէ՛ ազգայնոց հետ, ի՞նչ վիճակի մէջ են, իմացիր, թէ որ առանց կասկածի ստուեր տալու կրնաս իմանալ թէ գենուացի նաւեր կան, որ ոչ Միջերկրական միայն` այլ նան. Պոնտոսի ծով կ'երթան, տեղեկութիւն ա՛ռ, ամէն ճամփայ լաւ է Կիլիկիա մտնելու համար: Ամենեն ապահով տեղ տեսնուելու համար` հայ եկեղեցին կրնայ լինիլ. բայց այդ նաեւ ինձի համար արգիլուած է, թերեւս, ինձի համար աս բանտը չեմ գիտէր առաջինեն որչափ ընդարձակ է: Տեսնենք… Դու խոհեմութիւն ունիս, պէտք չէ որ ես քեզի կը կրկնեմ թէ ինչ վիճակի մէջ ալ լինիս, պէտք է ջանաս իմանար բայց միշտ առանց հարցնելու: Ժամանակը արդէն ուշ է, դու ալ յոգնած ու անօթի, երթանք կերակուրի:

      Թէպէտ Բաբկէն իրօք անօթի էր, բայց կար բան մը, որ դեռ իրեն համար վարագուրեալ էր մասամբ, այսինքն` աղջիկը, որ «մօր կողմէ հայ էր եւ որ իրենց ազատութեան համար աշխատէր էր». եւ քանի որ մանրամասն պատճառները չէր իմացեր, իր ախորժակը կատարեալ չէր. բայց որպէսզի Թորոսի կամաց դէմ չի մեղանչէ, որ աններելի յանցանք կը համարէր, ամէն կերակուրներէն կշտապինդ կերաւ, Կիզիկոնի վճիտ գինին լաւ մը խմեց, եւ երբ Թորոս ելաւ քաշուեցաւ իր սենեակը, իր լայն յօնքերը վեր առնելով եւ իր սուր աչքերը գոհութեան ժպիտով մը անոր յետոց վրայ դարձնելով «Աստուած յաջողութիւն տա, իշխանիկս», կը մռմռար քթին տակեն, «Դու շատ խելօք տղայ ես, որ աղջիկ մը խելքդ հափափէ ու քեզ կնիկ դարձնէ, ալ ես այս գիշեր հանգիստ կրնամ քնանալ. դու զուարճացիր ինչչափ կ'ուզես, բաւական է, որ տարին չանցած աս նզովուած քաղքին պարիսպներէն մէկ մը դուրս նետուինք…: Մեր լեռները հարցուցի, մեր ազգին ընդհանուր վիճակը հարցուցի… իմիններս ամչցայ հարցնելու` վախեցայ հարցնելու… ո՞վ գիտէ, ի՞նչ եղան, ո՞ղջ են, մեռա՞ծ են, ո՞ւր են… իրաւ է որ անոնք հարցնելու ժամանակ ալ չի կար, անշուշտ ան ալ չէր գիտեր… Լաւ տղայ է Կոստանդին, քաշ է, ի՛նչ օգուտ, որ թեթեւ է. ո՛վ գիտէ Մլեհի՞ն էր յանցանքը թէ իրեն…»:

      Այս մտածութիւններով սկսաւ մրափել Բաբկէն հայրիկ իր նստած տեղը, եւ իրօք ալ իրեն ան մրափը իր տղայութենեն ի վեր ամէնուն քունին տեղ կը բռնէր, եւ որ իրեն համար բաւական էր քսանչորս ժամ պատերազմելու եւ քառասունութ ժամ քալելու:

      ԳԼՈՒԽ Ե ԴԻՈՆԻՍ

      Այս փոքրիկ տան անմիջապէս կից տուն մը կար, որու մէկ սենեակը միայն տեսանք մենք` սենեակ կամ մատուռ աղջկան մը սիրոյն, որ գաղտնիք մ՚էր ամէնոմէ համար բացի ծեր Գիոնիսեն, որ աս որբ աղջկան ոչ միայն բժիշկ, այլեւ խնամակալ, խորհրդական, սրտակից վարժապետ եւ հայր եղած էր միանգամայն:

      Դիոնիս տկար եւ նիհար մարմնոյ մէջ կորովի սիրայ ունէր եւ մեծահանճար գլուխ մը, ի բաց առեալ իր արհեստը, որ զինք ուսմանց եւ գիտութեանց տարեր էր ի տղայ տիոց, իր զանազան ճամփորդութիւնքը ի Փոքր Ասիա, յարաբիայ, հեգիպտոս եւ հասորեստան իր միտքը ընգարձակեր եւ հարստացուցեր էին, եւ դիտող ու հետաքննին բնութենեն ամէն գաղտնեաց պատճառը փնտրելով, մոռցեր եւ թերեւս արհամարհէր էր սրտի զգացմունքները: Եւ վերջապէս, երբ յոգնած եւ տկարացած երկար եւ բազմամեայ պանդխտութիւններէն Բիւզանդիոն դարձեր էր, իբրեւ թէ յանկարծ աչքերը բացուէր էին տեսնելու եւ իմանալու թէ ժամանակը անցէր էր. ուստի փիլիսոփայաբար որոշէր էր իր միայնութիւնը ուսմամբ մխիթարել, եւ իր արհեստին պատճառաւ Ալեքսիսի` Եւփիմէի հօր հետ վերաբերութիւն ունենալով քիչ-քիչ անոր բարեկամաբար եւ եղբայրաբար կապուեցաւ, СКАЧАТЬ