Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница 19

Название: Թորոս Լեւոնի

Автор: Ծերենց

Издательство: Aegitas

Жанр: История

Серия:

isbn: 9781772467963

isbn:

СКАЧАТЬ մոռցայ. հօրեղբայրդ ըսած էր մեզ. «Տղա՛ք, փախչողին մի դպէք, թողէք երթան», միտքս հոն գնաց, երբ ուշադրեցի, վազեցի ետեւնուն, մէկը դռնեն տասը քայլ անդին գետին փռեցի, միւսը մեծ էր, ուժով կը թուեր. ծովուն մօտ հասայ, դարձաւ, ի՜նչ տեսնեմ, մեր մարդն էր: «Աղուէ՛ս, կա՛ց, – ըսի, – առիւծին ձագը տեսա՞ր», հազիւ թէ սուրը կուրծքին դրի, գլխուս սուրի լաւ հարուած մը իջուց, ինք ալ գլորեցաւ: Աչքերս մթնցան, աղբիւրին վազեցի, լուացի արիւնը, տեսայ որ չի կտրիր. վերարկուս վիրքին վրայ բռնեցի գոցեցի. հոս եկայ. գլուխս պտոյտ կ'ուգար: Տիկինին ձայնը լսեցի, որ «Բաբկէն հայրիկ» կը կանչեր, եւ ալ ինչ եղայ, չիմացա…

      – Լաւ, – ըսաւ Դիոնիս, – ես ալ քեզի արգիլած եմ, որ չխօսիս, հանդարտ պէտք է նստիս: Բաբկէն լռեց եւ Եւփիմէ ամէնը ճամփեց ու իր վրան առաւ գնա խնամել. դուրս ելան եւ հոն Թորոս ու Դիոնիս սկսան խորհուրդ ընել երկրորդ օրուան ճամփորդութեան վրայ` եթէ նաւը գա, եւ որոշեցին, որ Թորոս երթա, իսկ Բաբկէն առողջանայ լեն վերջ Դիոնիսի եւ Եւփիմէի հետ գա:

      Ուստի աս որոշմունքն ընելէ վերջ արդէն կէս-գիշերն անցած էր, Թորոս ընկողմանեցաւ բազմոցի մը վրայ, իսկ ծերը երբեմն իր `հիւանդներում այցելութիւն կ'ընէր, երբեմն կը մրափէր, մինչեւ արշալոյսը երեւցաւ: Բաբկէն քանի-քան ի անգամ նոյն գիշերն աղաչեց Եւփիմէի, որ զինքը թողու եւ հանգչի, բայց նա շարունակ պաղ ջուր դնելով գլխուն եւ լռել հրամայելով լուսցուց: Եւ երբ տնտեսն, ըստ սովորութեան, իրենց պատրաստ կերակուրը բերաւ, իջաւ առանձին պատուերներ տալու եւ ետքը իր հիւանդին քով քաշուեցաւ:

      Թորոս եւ Դիոնիս նաւուն գալը կը գիտէին, եւ նաւ չէր երեւար, ծովեզրը կ'իջնէին, լուր չի կար, եւ այսպէս կ'անցունէին ժամանակը մինչեւ կէսօր: Անդրոնիկոսի վիճակը աւելի ծանր էր, թէպէտ Դիոնիս չէր յուսահատած, իսկ Բաբկէն թէպէտ ինքզինքը լաւ կը գտնէր` կամայ ակամայ իր բռնաւոր տիրուհուոյն ձեռքը մնացեր, Թորոսի կը հարցնէր` «Ա՛լ բաւական չէ՞», որ կը ժպտեր եւ պատասխան չէր տար: Կէսօր եղաւ, եւ ճաշի նստան, թէպէտ ամէնուն սիրտը անհանդարտ. Դիոնիս երեւակայելով, որ Անդրոնիկոսի մը անհետանալը չէր կրնար յուզմունք ար չհանել եւ ոստիկանութիւնը Թորոս փնտրելով զանի պիտի գտնէր. Թորոս, որ նաւուն կը սպասէր եւ Եւփիմէեն ու Բաբկէնեն պիտի բաժնուէր. Բաբկէն, որ իր տիկնոջ խնամքն երէն կը քաշուէր, կ'ամաչէր եւ ձեռք են ազատելու ճարը չէր տեսնէր, միայն Եւփիմէ անխօս, անմռունչ բժշկին հրամայած պաղ ջուրը Բաբկէնին գլխուն առանց պակաս ընելու` նստած տեղեն ծովը կը դիտէր. անոր համար ալ հազիւ քանի մը պատառ առած ելաւ հիւանդին քով երթալու: Դիոնիս իմացուց թէ ալ Բաբկէնին համար վտանգ չի կար. եւ թէ ուղեղին ցնցմունքն, վէրքին եւ հարուածոյն հետեւանք հիւանդութիւնն ալ անցէր էին, ուստի հանգիստ կրնար ընել. իսկ Եւփիմէ առանց պատասխան տալու գնաց վեր եւ հազիւ թէ սենեակը ելաւ եւ պատուհանին աչք մը ձգեց` գողի մը պէս մատուըներուն վրայ կռխեղով` իջաւ սանդուխեն եւ պարտէզին դուռը գտաւ. հոն տնտեսը դիմաւորելով` ձեռքի կապոցը առաւ. – Նաւեն լուր առի՞ր, – հարցուց:

      – Գենովացի նաւը կ'ուգայ, ջուրը պիտի առնու եւ ճամփայ ելնէք

      – Լաւ, դու մտիր սեղանատուն եւ իմաց տուր:

      Եւ ինք կապոցը ձեռքը սրացաւ վեր, մտաւ իր սենեակը:

      – Բաբկէն հայրիկ, բժիշկը քեզի հրաման կ'ուտայ ելնելու եւ հանդարտ ծանր քալելու. դու ինչպէ՞ս ես:

      – Ո՜հ, Տիկինս, աստուած քեզի երկար կեանք տա, ես լաւ եմ, ահա СКАЧАТЬ