Աս միջոցին լռութիւն տիրած էր պարտէզին մէջ, գինուց շաչիւն եւ շառաչիւն ամէն բան դադրած էր, միայն քանի մը վիրաւորք եւ հոգեվարք կը տքային. ան ատեն Թորոս` «բացէ՛ք դռներն» գոչեց, եւ տան դռներն բացուեցան. ճրագներն վազցուցին, տունն ու պարտէզր լուսաւորեցան. դուրսն ու ներսր եօթ-ութ դիակք կայի՛ն, եւ մեր քաջակորովը կանգնած էր անոնց մէջ, կ'ապսպրէր ծառաներուն ողջ մնացողներն ներս առնուլ եւ դարմանել: Իսկ Եւփիմէ երբ տեսաւ զթորոս` ողջ բայց արիւնով ներկուած, եւ երբ իմացաւ թէ` չէր անգամ վիրաւորուած, աչքերը ուրախութեամբ երկինք կը վերցնէր, գոհութիւն կ'ուտար աստուծոյ: Եւ առանց ծառաներուն սպասելու ինք ջուր կը բերէր, որ իր փեսան մաքրուի, լուացուի: Եւ երբ Թորոս ան ահագին աշխատութենեն վերջը բազմոցին վրայ տարածուեցաւ, Եւփիմէի երեւակայութեան մէջ աշխարհիս բոլոր Աքիւլլեսներէն եւ Հերակլեսներէն աւելի բարձր էր, ուստի դառնալով Դիոնիսին`
– Վաղը նաւը, որ պիտի գայ, մենք ալ մէկտեղ կերթանքյ այնպէս չէ՞, հայրիկ, – ըսաւ:
Իսկ Դիոնիս առանց պատասխանելու աս հարցման` Թորոսին կը նայէր, որ նոյնպէս պատասխան չտալով ծերուն կարծիքը կուզեր իմանալ: Իսկ նա երբ տեսաւ թէ երկուքն ալ լուռ կեցէր են` «Ո՞ւր է Բաբկէն, Բաբկէն հայրի՜կ» սկսաւ կանչել: Բաբկէն ներս մտաւ գլուխն ու երեսը ծածկած եւ հազիւ քանի մի քայլ կրցաւ առնիւլ միայն, նստաւ եւ գլորեցաւ. ամէնքը տեղերնեն ցատկեցին ելան եւ գլուխը բոլոր արնաշաղախ տեսան. ինք մարած էր կամ մեռած: Դիոնիս մէկեն` մօտեցաւ, զննեց գլխուն պատռածը, լուաց, վէրքերը դարմանեց, պատեց եւ իմացուց թէ սուրի հարուած մը ճակտին ոսկորը թէպէտ կտրէր էր, բայց ուղեղին չէր վնասած, ուստի ապահովցուց զամենքը` յուսացնելով թէ քիչ մը ժամանակեն կրնար առողջանալ բոլորովին: Աս վերջին խօսքը մխիթարեց զթորոս բայց Եւփիմէի խնդիրը չի լուծեց:
ԳԼՈՒԽ է ԱՐԾՐՈՒՆԵԱՑ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ
Դիոնիս թէպէտ ուրիշները ապահովցուց Բաբկէնի համար, բայց զինքը մէկ-երկու ժամ ամենեւին չի թողուց, եւ պաղ ջուր շարունակ գլխուն վրայ դնել հրամայելեն եւ իրեն խօսիլն արգիլելեն վերջ, ելաւ պտոյտ մը ըրաւ անկելոց մէջ. ամէնքը մեռած կամ հոգեվարք էին. տասնմէկ հոգի: Ծերը սկսաւ մտածել. ուրեմն երկուքը փախած էին, եւ առաւօտուն երկրորդ այցելութիւն մը կարելի էր Անդրոնիկոսի կողմեն, որ անոնց մէջ չի կար. եւ Դիոնիս կ'երեւակայէր թէ անշուշտ այդ խումբին գլխաւորը գտնուած էր նա, ուրեմն փախած էր եւ պիտի դառնար, եւ թերեւս Բաբկէնի հարուածը տուողը նա ինքն էր: Ուստի ծառայ մը առած հետն եւ լապտէր մը, դէպի ծովեզրն գնաց եւ ծովուն քով մարդ մը տեսաւ, որ կը ջանար СКАЧАТЬ