– Բա՛ց, մայրիկս, – ըսաւ ձայնը, – հիմա խօսելու ժամանակ չէ, զովը զմեզ սառեցուց:
Պառաւը նիգերը խախտեց, եւ քովնտի դուռը բացուեցաւ: Լազար ներս մտնելով նշանացի լռութիւն հրամայեց պառաւին, եւ կանթեղը առնելով ձեռքեն հիւրերը ներս մտուց եւ դռնապանի բնակարանը թողլով, շիտակ զիրենք մաքուր սենեակ մը հանեց, ուր անկողին ամենայն ինչ պատրաստ կար իրենց պիտույից համար:
Գիշերը յառաջացեր էր, լուսինը լիալիր կը թագաւորէր երկնքին վրայ եւ հանդարտ ընթացքը կը շարունակէր, ծովը հանդարտ նոյնպէս, իբրեւ թէ երբեք ալեկոծութիւն չէր ունեցեր. բնութիւնը վերջապէս իր բոլոր գեղեցկութեամբ զարդարեալ խաղաղութեան կերպարանքն ունէր. Թորոս պատուհանին առջեւ նստած կը նայէր, բայց տեսարանին գեղեցկութիւնը ոչ կը տեսնէր, ոչ կը զգար, այլ նամանաւանդ թէ ատելի կ'երեւար իրեն ամէն բան, եւ դժուար էր որոշել եթէ վերահաս վտանգը՞ արդեօք թէ գեղեցիկին երեսեն հապճեպ աքսորն էր, որ իրեն ծանր կը թուեր, բայց ստոյգն հոն էր, որ լուսինը արիւնագոյն կ'երեւէր աչքին, ծովը պղտոր հայելի մ՚էր, ծաղիկները հոտ չունէին, եւ սոխակը, որ վար գերուն մէջ կը դայլայլէր մահուան երգի պէս ատելի էր իրեն, վասնզի Եւփիմէ չի կար: «Աւա՜ղ, ուրեմն առանց անոր հայրենեաց փրկութիւնն նաեւ իմ սրտիս չպիտի քաղցրանա՜յ», մրմնջեց եւ շտկուեցաւ դէպ անկողին, երբ յանկարծ միտքը եկաւ Բաբկէն, որ հոն կեցէր էր արձանի պէս. միտքը նաեւ եկաւ թէ քանի որ դուրս ելած էին իրենց տանեն ոչ բառ մը նա արտասանած` եւ ոչ ինք իւր պապանձման մէջ խօսք մը անոր ուղղած էր. թէպէտ սէրը խիստ, նախանձոտ եւ անողոք խորհրդական մ՚է եւ կը մերժէ ամէն բան, որ սէր չէ, բաց Թորոս շատ մեծ սիրտ ունէր մոռնալու համար այդ ազնիւ մարդուն հաւատարմութիւնը իրեններուն եւ իրեն. ուստի ճամփան փոխեց եւ անոր մօտենալով` «Բաբկէ՛ն հայրիկ. դու ի՞նչ կը խորհիս աս մեր դիպուածին», ըսաւ դառն եւ մտերմական ժպիտով մը միանգամայն:
– Ի՜նչ զրուցեմ, իշխանիկս, վտանգ մը թէպէտ կ'երեւայ մեր փախուստ են, բայց կը թուի նաեւ թէ յաջող ելք պիտի ունենանք, վասնզի մինչեւ հիմա կոտրած, թափած չուն ինք: Ոչ թշնամին զմեզ հալածեց եւ ոչ ճամփանիս կտրեց. ու սուրը պատեանեն հանելու չի պարտաւորեցանք:
– Ճշմարիտ է, Բաբկէն, թէ վտանգաւոր դիպուածներ կրնայինք ունենալ, բայց հազիւ թէ բանտեն ելած` բանտի սպառնալեաց ներքեւ գտնուիլ շատ ծանր է: Հաւերը կը խօսին. արշալոյսը մօտ է, երթանք քնանալ, քու անկողինդ…
– Ո՜հ, իմ անկողինս հոն է, ուր որ բազմոց մը կայ, աստուած քեզի հանգստութիւն տա, իշխանիկս:
Թորոս հազիւ թէ անկողին մտաւ, քունն ալ իր աչաց վրայ ծանրացաւ, վասնզի յոգն ու յոգնածութիւն այն տարիքին մէջ քուն չեն վտարէր նամանաւանդ թէ կ'անուշացնեն: Երբ արթնցաւ, արդէն արեգակը իր ճառագայթներով երկնքի վրայ կը թագաւորէր եւ բնութիւն բոլոր ոտքի վրայ էր: Նոյնպէս Բաբկէն դուրսի սենեակը արեւուն հետ ելած անձայն եւ անշշունջ կը պտտէր եւ առանց երեւալու ձկնորսներու, նաւավարներու, ծովու եւ ցամաքի անցորդներու երթեւեկը ու իրենց օթեւան ած ամառանոցը կը գիտէր, եւ ակռաները կճրտելով` «Անիծեալ քաղաք, նզովեց քաղաք, հիմնահատա՛կ ըլլաս». կը մռմռար: Եւ վերջը երբեմն աչք մը կը ձգէր կապոցին, որ Օրիորդը իրեն յանձնած էր իր այլայլութեան СКАЧАТЬ