Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница 13

Название: Թորոս Լեւոնի

Автор: Ծերենց

Издательство: Aegitas

Жанр: История

Серия:

isbn: 9781772467963

isbn:

СКАЧАТЬ փոխելու եւ առանց շարժմունք մը ընելու միայն իր սուր աչքերը Թորոսին վրայ ուղղելով`

      – Եւփիմէ զրուցած է քեզի իմ ով ըլլալս, ինք իմ զաւակս է, ուրեմն պէտք է ինձ միտքդ շուտով յայտնես:

      Այս առանց յառաջաբանի լակոնական հարցմունքին հետեւանքը թէպէտ երկայն էր, բայց Թորոս մէկեն, մէկ նայուածքով դատեց դիմացի մարդը, հարցմունքին նշանակութիւնը եւ մօտակայ վտանգ մը:

      Ուստի առանց դանդաղելու պատասխանեց.

      – Թէ որ Օրիորդը այսչափ գեղեցիկ եւ սիրելի յատկութիւններ ալ չունենար, միայն ինձի ըրած բարերարութիւնքն բաւական էին ինչ որ ունիմ` իմ անձս իրեն նուիրելու:

      – Բաւական է, ազնիւ երիտասարդ, ես ալ քեզմէ սա պատասխանին կը սպասէի: Հիմա նստէք եւ մտիկ ըրէք, որ ըստայնմ շարժինք: Վտանգ մը կայ, եւ վտանգը քու ազգայիններեդ մէկեն կը հասնի, որ երբեմն քու հօրդ բերդակալն է եղեր եւ շատ ալ վտանգաւոր մարդ, 1ւ հիմա Պոլիս կը գտնուի ծպտեալ ու ոստիկանութեան լրտեսները զինք ճանաչէր են եւ իրեն հետքը նաեւ գտեր. աս գիշեր խորհուրդ ալ կայ զինք ձերբակալելու. բայց այս դիպուածեն վերջ կայսեր շնորհքին վրայ վստահիլ անկարելի է եւ մեծ անխոհեմութիւն. ուրեմն դու ի՞նչ կը մտածես, ի՞նչ պիտի ընես:

      – Դեռ հիմա աս վայրկենիս կ'իմանամ մօտալուտ վտանգը, թէ որ կարելի է փախիլ` հիմա փախինք, կ'ըսեմ: Բայց ո՞րն է ապահով ճամփան:

      – Հիմա ապահով ճամփան սա տունը չի կենալն է, եւ ամիսի մը չափ ժամանակ ծածկուիլն ու ոստիկանութեան կարծեցնել թէ դու փախած ես:

      – Ես բանտէ նոր ելած` աս ընդարձակ քաղաքին ոչ լաւ տեղեակն եմ եւ ոչ ծանօթ մը ունիմ. ինչ որ ըսես, կը կատարեմ:

      – Լաւ, ուրեմն պատրաստուի շուտով դու եւ ծառադ: Զգեստդ եւ յունարէնէ կատարեալ գիտութիւնդ զքեզ չեն մատներ. խոհեմութիւն քեզի չեմ յիշեցնէր. ես զքեզ կը ճանչեմ: Հիմա ուրեմն պէտք է ճամփայ ելնես:

      Ելաւ ծերուկը եւ դռան մօտենալով «Լազա՜ր» կանչեց: Մէկեն երեւցաւ արդէն մեզ ծանօթ տնտեսը:

      – Պատրա՞ստ է ամէն բան:

      – Այո՛, տիար:

      – Ուրեմն, – ըսաւ Թորոսի, – քու ծառադ ալ պէտք է պատրաստուի:

      – Ան միշտ պատրաստ է, – պատասխանեց Թորոս եւ շտկուիցաւ դէպի դուռը: Իսկ Եւփիմէ առանց մէկ բառ մը կորսնցնելու, մէկ մը ծերուն, մէկ մը Թորոսին կը նայէր եւ առանց Թորոսի թեւը թողլու եկաւ մինչեւ նորա սենեակը, եւ փոքրիկ կապոց մը շինելով ստկի ու ճերմկեղէնի կը սպասէր` երբ Բաբկէն իր տիրոջ հետ վեր ելաւ: Եւփիմէ առանց բան մը զրուցելու կապոցը Բաբկէնի ձեռքը տուաւ. անկից վազեց Լեւոնի կախուած սուրը առաւ, Թորոսի երկնցուց, որ ան սիրուն ձեռքը իր շրթանց տանելով սուրը առաւ մէջքը կապեց: Եւ ասոնք ամէնը արագ, բայց անխռով կատարուեցան, իբրեւ թէ շատոնց որոշուած լինէին, եւ երեքը մէկեն ծերուն քով գտնուեցան:

      – Լաւ, – ըսաւ ծերը, – հիմա, Լազար, նայէ՛ ծառայ, աղախին չի գտնուի դուրսը:

      – Մարդ չի կայ, տիար. եւ բոլոր լոյսերը մարած են:

      – Աստուած բարի յաջողութիւն տա ձեզի, – ըսաւ ծերը եւ Թորոսի ձեռք տուաւ, որ նոյնպէս ձեռքով պատասխանեց:

      Եւ երբ սենեկին դռան քով եկաւ, դարձեալ պագաւ Եւփիմէի ձեռքը, որ մինչեւ ան վայրկեան բառ մը բերն են չէր հանած եւ միայն այն ատեն աչքերը արցունքով` «Աստուած հետդ ըլլա» ըսաւ. իսկ Թորոս մեյ մը երկինք նայեցաւ, մ՚եյ մ՚ալ անոր, եւ գլուխը դարձուց դէպ իր ճամփան, ամենայն արագութեամբ, ծածկելու համար սրտին յուզմունքը. Բաբկէն СКАЧАТЬ