– Քու աս խնամքդ; քու այսչափ երկար…
– Մի՛… – ըսաւ Օրիորդը, իր ձիւնափա՛յլ մատը Թորոսի շրթանց վրայ դնելով, ժպիտով մը, – միգուցէ ասկից վերջը շնորհակալութիւն բառը բերնեդ հանես, մեր մէջ առեւտուր մը կայ, չէ՞ մի, որ դու ինձի աս փոքրիկ տան փոխարէն արքայական աթոռ մը պիտի տաս, աս շորերուն փոխարէն ծիրանի, աս երկու ապուշ սպասաւորաց փոխարէն ազգ մը հպատակ, թէ որ խաբուող մը կայ, ես չեմ, Թորոս:
Փոխանակ պատասխանի Թորոս ան սիրուն, ձեռքը համբոյրներով ծածկեց, երբ աղջիկը ցնցուելով մը` «Մենք չիմացանք ժամանակը. պէտք է երթամ, – ըսաւ, – երբ զիս տեսնել ուզես, սա դարանին խորը սա օղակը քաշէ եւ ես կ'ուգամ»:
– Թէ որ ես չհամարձակիմ օղակը քաշելու:
– Ամէն համարձակութիւն ինձմէ՞ կը սպասես:
– Ես որ կարծէի թէ աշխարհիս վրայ բան մը չի կար, որ զիս շփոթէր եւ վախեցնէր, ինքզինքս փոխուած կը գտնեմ: Ես որ երեք կայսեր գահույից առջեւ սրտի տրոփ մը չունեցայ, ի՞նչ եղայ, չեմ գիտէր: Հիմա տղու մը պէս կը դողամ քու առջեւդ. ի՜նչ է աս:
– Աս կնշանակէ, որ դու դեռ տղայ ես, եւ պէտք է քու դաստիարակութեանդ վրայ հսկեմ ես: Այս երեկոյ ուրեմն կ'երակուրեն վերջը կը տեսնուինք, երբ ամէնքը պառկին:
Եւ աս ըսելով ձեռքը տուաւ, որ պագնէ, եւ դռնեն անհետ եղաւ ու գնաց: Իսկ Թորոս մնաց հոն այն դռան առջեւ, փոխուած մարդ մը բոլորովին, սիրտը նոր, անծանօթ զուարթութեամբ մը զեղուն, եւ խաւար աշխարհք լուսաւոր եղած էր իրեն համար. երեկոյեան արեւուն վերջի ճառագայթները վճիտ ոսկեղէն էին, ծառերու եւ ծաղկանց կանաչը շատ աւելի գեղեցիկ էր, քան մէկ քանի ժամ առաջ, օդը առողջ եւ թեթեւ էր շնչելու, եւ վերջապէս երբ պատուհանեն վար նայելով տեսաւ զբաբկէն, այնչափ իրեն գեղեցիկ երեւցաւ իր փշոտ եւ հաստ յօնքերով եւ իր յիսուն բայց կորովի տարիներով, որ եթէ չամչնար, պիտի ցատկէր, իջնէր եւ համբուրէր:
Բայց ինքզինք զսպելով, ակնարկ ըթաւ, որ վեր գա:
ԳԼՈՒԽ Դ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԻՃԱԿԸ
Թէպէտ զուարթութիւնը կը փայլէր Թորոսի բոլոր կերպաբանաց վրայ, թէպէտ ամէն պատրաստութիւն ունէր խօսելու` քան լսելու, բայց Բաբկէնի լուրջ եւ տխուր կերպարանքը առժամայն ազդեցութիւն մը ըրին սրամիտ երիտասարդին վրայ, որ իր տարիքեն անհամեմատ վեր էր իր քսան տարիներուն մէջն ալ: Բաբկէն` թէպէտ հազիւ թէ պարզ կարդալ եւ անունը ստորագրել միայն գիտէր, արտաքոյ կարգի խոհուն, անհամեմատ ուժով, տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ, անդրդուելի, հաւատարիմ եւ նախանձայոյզ ազգասէր մարդ մ՚էր:
Թորոսի եւ Լեւոնի յաջողութեանց անթոյլ գործակից, եւ առաջինին պաշտող յիշատակին երկրապագու կրօնամոլ, միտքը դրած էր, որ եթէ Թորոս երկայն ապրէր, անտարակոյս Կիլիկիոյ անկախութիւնը ան ողորմելի վիճակը չէր ընկնէր. ուստի Լեւոն իրեն համար աննման քաջակորով երիտասարդ մ՚էր, զուրկ ան խորագիտութենեն եւ նախատեսութենեն, որ իշխանի մը եւ զօրավարի առաջին յատկութիւնքն են: Բայց որովհետեւ հաւատարմութեան մէջ անդրդուելի էր, խնդրեց Լեւոնի ծառայութեան մէջ մտնել եւ նորա գերութեան անբաժանելի ընկեր եղաւ. բանտին մէջ երկրորդական անձինք էին իրեն համար Լեւոն ալ, Ռուբեն ալ. ամէնքը երկու եղբայր նման կը գտնէին իրարու, ինք Թորոսի եւ իր եղբօր СКАЧАТЬ