СКАЧАТЬ
բերաւ Կիլիկիայէ, մայրս առանց ձեզ ճանչելու անմխիթար էր ձեր անկման` համար. ընկերացեալ հօրս հին բարեկամաց` ամէն ջանք ի գործ դրաւ` առանց երբեք երեւալու, եւ յաջողեցաւ զձեզ բանտեն ազատել եւ արքունեաց դուռը նաեւ բանալ ձեզի. այն օրէն` եւ առջի տեսնուելուն զիս Ռուբենի հետ նշանելու միտք յայտնեց, մանաւանդ որ տարեկից էինք: Բայց Ռուբենի սրտաբաց կերպը, գեղեցկութիւնը, բիւզանդացի կանանց անբարոյական վրաձգողութիւնը, նորա ալ զուարճութեանը անյագ սէրը Հօրս մտաց հաստատութիւնը խախտեց, եւ դեռ մէկուն չի բացուած սկսաւ ջանալ զիս համոզել, որ այդ երիտասարդեն անցնիմ, քանի որ ապագայ դժբախտութիւն մը ակներեւ էր, բայց իմ սիրտս այդ պատճառաբանութեանց չէր կրնար համոզուիլ, նախանձը զիս կ'ուտէր, եւ անտարբեր կը ձեւացնէի ինքզինքս. պատերազմ կար ներսս, եւ մէկուն չէի կրնար բանալ. ուստի մօրս հնազանդելու համար ամէն ջանք ըրի, եւ Ռուբենի անունն` անգամ ալ բերնես չելաւ. մայրս կարծէր թէ մոռցեր էի, եւ ես Ռուբեն կ'երազէի: Զանազան անձանց հետ ամուսնութեան առաջարկներ ըրաւ բայց ես միշտ կը հեռացնէի, մինչեւ որ ծանր հիւանդութեամբ պառկեցայ, եւ բանդագուշանքս մօրս յայտնած էին գաղտնիքս, ուստի խեղճը բժշկին խորհրդով զիս Ռուբենի հետ ամուսնացնելու ամէն ջանք ընելու խոստմունք ըրաւ, եւ հիւանդութիւնը նոյն վայրկենին բարեփոխութիւն ունեցաւ, եւ օրաւուր ես առողջութեան մէջ հաստատուեցայ, գոյներս եկան. Ռուբենի հետ մէկ քանի տեսութիւն իր կեանքի ձեւը փոխեցին, եւ Ռուբեն առանց` մեզի սպասելու առաջարկութիւն մը ըրաւ մօրս` հօրը հաւանութիւնն ընդունելու պայմանաւ: Մեր ուրախութիւնը` մանաւանդ մօրս ուրախութիւնը` անկարելի է պատմել. բայց ինչչա՜փ կարճ եղան ուրախութեան օրերը: Յանկարծ դժբախտ դիպուածին լուրը տարածուիցաւ, մայրս զիս մխիթարելու կը ջանար, երբ ինք ինձմէ աւելի հիւանդ էր, ես անկողին ինկայ, սաստիկ ջերմ մը զիս կը տանջէր. նոյն միջոցին մայրս ուրիշ սենեակ մը մեռէր էր: Պառաւ հօրաքոյր մը իմ վրաս կը հսկէր երկու տարի, եւ հօրս բարեկամ, ծեր եւ փորձ բժիշկ մը, որ հազիւ թէ ես քիչ մը շարժէլու սկսայ` զիս հիւծեալ եւ մաշեալ` Իշխանաց կղզին օդափոխութեան տանել հրամայեց, մեր բնակարան տունն ինք որոշելով. հոն հօրաքոյրս եւ ինք ինձի հետ միայն կը զբաղէին եւ կ'առնէին զիս մօտակայ վանքը կը տանէին մեծաւորին, եւ բժիշկը կը նստեցնէր զիս պատուհանի մը առջեւ, բարի եւ սրամիտ ծերուն դիտաւորութիւնը իմացայ այն օրը` երբ զքեզ հօրդ հետ տեսայ, պարտէզին մէջ կը շրջագայէիք. Ռուբեն կենդանացած կարծեցի, եւ գետին պիտի գլորէի թէ որ արթուն ծերը, որ զիս աչքեն չէր կորցնէր, զիս չբռնէր. մարելուն հետեւանք սոսկալի ջղային ցնցմունքներ եկան եւ այն օրէն կեանքը իմ երակներուս դարձաւ. զքեզ երբեմն տեսնել նոյն պատուհանեն իմ դեղս եղաւ. տեսայ դարձեալ զքեզ հօրդ դագաղին ետեւեն, երբ բանտեն գերեզմանատունը կը տանէին, երդում ըրի ան ատեն զքեզ ազատելու համար ամէն ջանք ընել. տարի մը անօգուտ աշխատեցայ իմ պատուական բժշկիս հետ, եւ երբ Մանուէլ հօրը տեղն անցաւ, ալ ապահովեցայ, իսկ քու սրտիդ համար ամենեւին երկբայութիւն չունհի. եւ այնպէս համոզուած էի թէ Ռուբենի այնչափ նման եղբայրը, որ զիս այնչափ սիրեց` անկարելի էր, որ անոր սրտին նման սիրտ չունենար, եւ թէ նորա յիշատակը մեր սրտերուն հանգոյց չլինէր:
– Այսպիսի ազնիւ սրտի, այդ հրաշագեղ կերպարանաց, այդչափ իմ ազատութեանս համար եղած ճգանց, եղո՜ւկ, դառնացեալ սրտէ մը զատ ոչինչ չունիմ, եւ այն կրնա՞յ բաւական
СКАЧАТЬ