Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 8

Название: Թէոդորոս Ռշտունի

Автор: Ծերենց

Издательство: Автор

Жанр: Исторические любовные романы

Серия:

isbn: 9781772467987

isbn:

СКАЧАТЬ է այս խորհուրդը, – ըսաւ Շէյխը, որ վաթսունամեայ մարդ մ՚էր, եւ որու վրայ մեծ համարմունք ունէին իւր զօրականք, վասնզի Մարգարէին առաջին սպաներուն մէկն էր:

      Ուստի բահի, բրչի պատրաստութիւնք տեսնուեցաւ, եւ երբ գիշերն եկաւ սկսան խրամը փորել եւ խորն իջնել այդ ճիւաղները շարունակ կը փոխուէին եւ մրջիւններու պէս կ'աշխատէին. երբ մէկ մասը հող կը կրէր. միւսը փորուած հողէ կամարը ցիցերով կ'ապահովէր, այսպէս առաջ կ'էրթային եւ պարսպին կը մօտենային: Իսկ բերդին պահապանները միամիտ կեցած եւ փորձ մարդ ներսը չի գտնուելով, վասնզի Տիկինը բոլոր պատերազմի հմուտ անձինքը ղրկած էր որդուոյն հետ, պարիսպներուն բարձրութեան վստահացած հանգիստ նստած կը սպասէին: Մահաբեր գործը կը յառաջանար, եւ դիւական յաջողութեամբ ոչ ժայռ, ոչ արգելք մը կը հանդիպէր այդ ճիւաղներուն, որք առաւօտեան դէմ պարիսպը անցած էին եւ սկսէր էին բարձրանալ. եւ որպէսզի պաշարելուց ուշադրութիւնը գրաւէին` զօրաց խումբն սկսաւ յարձակումներ ձեւացնել, սանդուխներ բերել պարիսպներուն մօտեցնել, նետաձգութիւնք ընել դէպի պարիսպները, ան ել ժայռերէ վեր ելնել եւ կախուիլ: Պահապանք թէպէտ թուով քիչուոր` բայց պաշտպանութեան համար զիրենք բաւական տեսնելով ավիզի զուարճութիւն քան թէ երկիւղ կը զգային այս տեսաբանեն. ուստի պարսպաց աշտարակներուն մէջ երբ միամիտ կանգնած էին, յանկարծ ձայն մը լսուեցաւ թէ թշնամին բերդին մէջն է: – Սարսափն ամէնքը պաշարեց, երբ տեսան բերդին գաւթին մէջ արաբացի ճիւաղներու սուսերամերկ խումբ մը, որ քանի կ'երթար կ'աւելնար, պահապանք վար թափուեցան պարիսպներէն եւ կատաղի կռիւ սկսաւ այդ յօրին բերանը ուսկից թողալով դուրս կը ժայթքէին այդ գազանները. մէկ ինկնողին տեղ երկուք կը բուսնէին վայրկեանէ վայրկեան, պահապանաց յուսահատ կռիւը յայտնի բաւական չէր ազատելու, ներքին պալատը, որ մեծ ամրութիւն չունէր, ուստի կանանց եւ տղայոց վայնասունը, ճիչն ու աղաղակը, այդ զինուց շառաչմանց, մեռնողներու ողորմ հառաչանաց, կատաղի պատերազմողաց յիշոցներուն եւ հայհոյութեանց հետ, տեսնողի եւ լսողի ահուդող կը պատճառէր: Վերջապէս յարձակողք յաջողեցան մեծ բերդին դուռը բանաւ, եւ էլ ուրիշ յոյս չի մնաց դիմադրելու, բոլոր արաբացի խումբը կը դիմէր ներս կատաղաբար: Ո՜վ պիտի պաշտպանէր այդ գազաններուն դէմ խեղճ կանայք եւ մանկտիք, քանի մը զինեալ սպասաւորք դռները եւ պատուհանները ամրացուցեալ կահ-կարասեօք` վերջին եւ անյոյս ճիգ մը թափեցին դիմադրութեան, քանի մը յուսահատ կանայք աչվնին դարձած` յիմարացեալ յուսահատութենէ եւ երկիւղէ վերի բարձր պատուհաններէն ինչ որ ձեռվնին կը հանդիպէր կը նետէին այն պատերազմողաց վրայ, որ տապարներով եւ մուրճերով կը ջանային դուռն պատուհան կոտրելու, եւ ահագին ցօղերով երկաթի վանդակներ կը ճարճատեցնէին:

      Կին մը միայն, որ այս վիճակը կը տեսնէր եւ որուն երեսին վրայ նկարուած էր այլայլութիւն եւ յուսահատութիւն, Բիւրեղ տիկին, առանց ինքզինք կորսնցնելու իր կենաց պահպանութենեն աւելի ուրիշ մտածութիւն մը մտքին մէջ յանկարծ գալով, մտաւ իր աղջկանց սենեակը, տեսաւ Նազէնիկը, որ գոզալով ծունկի վրայ կ'աղօթէր, իւր քրոջ անկողնին քով, որ հանգիստ եւ անխռով կը քքէանար: Այդ կինը, որուն աչքերը ոչ արտասուքով այլ արիւնով լցուած էին, առանց խօսելու գրկեց մէկը եւ միւսին ձեռքեն բռնելով` կայծակի արագութեամբ վազելով իջաւ սանդուխներէն վար, իջաւ պարտէզին գահերեն վար, մինչեւ լճին եզերքը. հոն դրաւ փոքրիկ մակոյկին մէջ տղան. մտուց իւր շփոթած աղջիկը, եւ ինքն СКАЧАТЬ