Название: Թէոդորոս Ռշտունի
Автор: Ծերենց
Издательство: Автор
Жанр: Исторические любовные романы
isbn: 9781772467987
isbn:
Սուրէն զօրաւոր կազմուածքի տէր եւ անխռով միտք, վասնզի ներկան` օրը եւ ժամը միայն կը մտածէր սովորաբար, որ ոչ Թէոդորոսի պէս ազգին չափազանց սիրահարն էր, եւ ոչ Գրիգորի պէս Ռշտունեաց Օրիորդին, անկողին եւ քուն մտաւ միանգամայն, եւ երբ արշալոյսին հետ արթնացաւ, դիմեց դահլիճը, տեսաւ, որ Թէոդորոս արդէն չի կար: Սպասաւոր մը թուղթ մը տուաւ իրեն, որ չի լուսացած` սուրհանդակ մը բերած էր Թէոդորոսի, եւ որովհետեւ հրաման էր ո՛ր ժամանակ լինէր ամէն լուր իրեն հաղորդել րոպէին, թիկնապահքը մտէր էին սենեակը եւ աւէր էին թուղթը. Թէոդորոս շուտ մը սպառազինեալ հեծէր էր երթալու եւ Սուրէնի սպասաւորաց մէկուն տալով իր ընդունած թուղթը, մեկնէր էր: Սուրէն կարդաց այդ համառօտ նամակր. – Ատոմ Շահունի առ Թէոդորոս Ռշտունի. «Գիտութիւն լիցի, Հայոց զօրավար, որ յունաց բանակը կը մտնէ մէկ կողմէ, իսկ արաբր երկու զունդ բաժնուած, մէկը Երասխ անցէր է ի Նախջուան, միւս Արտազ մտէր է»:
Վայրկեան մը մտածեց Սուրէն եւ գնաց զգեստները հագաւ, երբ Գրիգորի ուղղուեցաւ` տեսաւ քոյրը, որ զինքը դիմաւորեց, եւ քաղցր ժպտով երկու ձեռները տարածելով` թող չի տալով, որ առաջ անցնի`
– Ո՛չ, – ըսաւ, – Գրիգորը թող որ հանգչի:
– Բայց դու չես գիտէր, որ Թէոդորոս գնացեր է արդէն:
– Ինչպէ՜ս չեմ գիտէր, ես տեսայ նորա երթալը. բայց իմ զաւակս Հայոց զօրավար չէ, պէտք է որ հանգչի` քուն լինի եւ այս տարիքին մէջ զօրանայ:
– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը՛, – գոչեց Սուրէն. – եթէ ձեզի թողուի տղան ճգնաւոր, վարդապետ, շատ-շատ թուլամորթ կաթողիկոս մը պիտի րնէիք… Գիտե՞ս ի՜նչ ժամանակի մէջ ենք, գիտե՞ս թէ վաղր СКАЧАТЬ