Название: Թէոդորոս Ռշտունի
Автор: Ծերենց
Издательство: Автор
Жанр: Исторические любовные романы
isbn: 9781772467987
isbn:
Լճին եղերքը թափառող անօրինաց աչքերը տեսան այդ կնոջ եւ իր աղջկան ջուր նետուիլը, իրենց սեւերես ընկերոջ անունը գոչեցին քանի մը անգամներ. եւ երբ տեսան ձայն, պատասխան չի կար, յուսահատ` ժամանակ չի կորսնցնելու եւ բերդին աւարեն չի պակսելու համար թողին ծովեզրը եւ ներս մտան:
Ան ատեն լճին եղէգնուտին կողմեն ջուրը շարժեցաւ, հիմա ուրիշ մէկն էր կը լողար, բայց այնպէս որ հազիւ քիթը դուրս էր ջրէն, թեւերը չէին շարժէր այլ ոտքերուն մահտները միայն, եւ այս գողի պէս լողացող մարդը եկաւ մօտեցաւ կղզուոյն անշշունջ, առանց երեւալու` միշտ եղէգներու սեզերն իրեն վարագոյր պահելով ելաւ ցամաք եւ գետնի վրայ սողալով գրեթէ եւ ոչ քայլելով իբրեւ թէ բան մը կը փնտրեր, եւ վերջապէս դտաւիր փնտրածը: Արփենի նստած` երկու թեւերով ծունկերը գրկած` խոտերուն մէջ կէս մը կորսուած կը մտածէր. անշուշտ ինքնիրեն «Մայրիկը ուշացաւ» կ'ըսէր, երբ կամաց, հաստ եւ իրենց շատ ծանօթ ձայն մը «Արփենի, Արփենի, սիրուն Արփենի, հոս ի՞նչ կ'ընես» ըսաւ:
– Զաւէն հայրիկ, դո՞ւ ես, մայրիկին կը սպասեմ, – զրուցեց աղջիկը տեղաց ցատկելով:
– Մայրիկը զիս ղրկեց քեզ տանելու համար, եկ երթանք:
– Բայց դու լիճն ընկեր ես, Զաւէն հայրիկ, վրադ գլուխդ բոլոր թրջէր է:
– Հոգ չէ երբ ես ջուրն ընկնիմ, աղջիկս:
– Բայց մայրիկը կըսէ, որ ջուրն ընկնիք` կը խեղդվփք:
– Այդ ինձ համար չէ, սիրուն Արփենի, աստուած քեզ պահէ, որդեակ:
– Ինչո՞ւ երեսդ անդին կը դարձնես, Զաւէն հայրիկ:
– Արեւն աչքիս կը զարնէ անոր համար: Բայց հիմա խօսելու ատեն չէ, եկ ինձ, որդեակ:
– Ինչ կ'ընես, Զաւէն հայրիկ, զիս կը թրջես, բոլոր ջուր եղայ:
– Հոգ չէ, Արփենի, դու ձայն մի՛ հանէր, ամենեւին մի՛ խօսիր, մինչեւ որ ցամաք ելնենք:
Խեղճ տղան կուրծքին վրայ պառկեցուցած նոյնպէս լողալով կ'երթար Զաւէն մինչեւ ցամաքը գտան. այն ատեն եղէգներու մէջ ելաւ կանգնեցաւ, հագաւ իր սպառազինութիւնը, եւ երբ աչքը դարձուց Վարդանաբերդի տեսաւ մուխ մը կը բարձրանար. աչվները կրակ դարձած սոսկալի յիշոցք մը տուաւ ատամները կրճտելով, այնպէս որ Արփենի սոսկմամբ «Ի՜նչ եղար, Զաւէն Հայրիկ» ըսելով սկսաւ փախչիլ. «Կա՛ց որդեակ, կա՛ց Արփենի, միտքս չեկաւ թէ հրեշտակներու քով ամէն պարագայի մէջ իրենց լեզուին չափ պէտք է դնեն», զրուցեց եւ ուժով մը սուլեց. Վայրկեան մը չանցած իր նժոյգը եկաւ վազելով եւ եղէգները կոտրտելով: Իսկ երբ Արփենին գիրկն առաւ Զաւէն, խելօք ձին մեշքը խոնարհեցուց, որ դիւրութեամբ հեծնա զինուորը, եւ Կ'աղզուանայ ճամփան բռնեցին:
ԳԼՈՒԽ Դ
Մի СКАЧАТЬ