Название: Թէոդորոս Ռշտունի
Автор: Ծերենց
Издательство: Автор
Жанр: Исторические любовные романы
isbn: 9781772467987
isbn:
Կ'էս-գիշերուան մօտ էր, աշնան աղօտ լուսին մը տկար լուսով կը լուսաւորէր Կ'ոգովտի լիճը. բերդին հրդեհին մնացորդ բոցը երկրորդ լոյս մը ձգած էր ջուրին վրայ, ուստի մեծ զզուշութեամբ սկսաւ մօտենալ, եւ ամենեւին ձայն չի լսելով` երկայն ժամանակ ուշ դնելէ վերջ իջաւ ձիեն, թողուց, որ արածի, եւ ինք զգուշութեամբ պտոյտ ընելով հասաւ բերդին դռան առջեւ. տեսաւ դռներն ինկած, տեսաւ Մամիկոնեանց պալատը կիսակործան եւ հրօ ճարակ, տեսաւ դիականց կիսախանձ կոյտը ընդարձակ եւ ծառազարդ գաւթին մէջ թողեալ, իմացաւ թէ այդ գեղեցիկ բերդը կատարեալ գերեզման էր դարձել, ուստի ելաւ պարիսպներէն դուրս` սկսաւ լճին հարաւային կողմը երթալ տեսնելու թէ ի՞նչ կայ, հազիւ թէ քանի մը քայլ առաւ դիակ մ՚ալ յօդ պատահեցաւ` անցաւ առաջ ուրիշ մը, ուրիշ մ՚էլ` եւ տասը-տասներկուք մը համրեց, լուսնի լոյսը շատ աղօտ էր, որ կարէնար ճանչել, ուստի քիչ մ՚առաջ որ գնաց, տքալու ձայն մը լսեց, վազեց դէպ այն կողմը: «Ա՜հ, քիչ մը ջուր, ի սէր աստուծոյ, քիչ մը ջուր», – կ'ըսէր հողին վրայ պառկած մէկը: Դարձաւ մտաւ բերդը, վազեց դռնապանաց աշտարակին տակի սենեակը, ուր փոքրիկ աղբիւր մը կար, հոն հողէ հա,սարակ ամաններ կը գտնուէին, առաւ լցուց եւ քիչ մը տուաւ, որ խմէ. մարդը երբ ոգի առաւ, այն ատեն`
– Որդեակ, դու ո՞վ ես, – հարցուց:
– Թադոսի որդի Տրդատն եմ, – ըսաւ վիրաւորը:
– Դու իշխաններուն հե՞տն էիր, երբ եկանք:
– Մենք կէսօրին այստեղ հասանք: Երբ բերդին մուխն ու բոցը տեսանք, ետ դառնալ եւ փախչել սկսանք, բայց երկու հար իւրէ աւելի ձիաւորաց խումբ մը, որ շրջակայքն աւարելու գնացեր եւ կը դառնար, մեր ճամփան սւրգիլեց, ուստի զատեալ թշնամիներէն յուսահատաբար կը ռուեցանք. ես վիրաւոր ընկայ, չգիտեմ միւսներն ի՞նչ եղան.
– Տէ՜ր աստուած, տէ՜ր աստուած, այս ի՛նչ պատուհաս է մեր վրայ, – կ'ըսէր ծեր զինուորը:
Ելաւ այց ընելու. բոլոր ինկելոց կը շօշափէր` ձեռքը սրտերնուն վրայ կը դնէր, թէ կենդանի ոք թերեւս կարէնայ գտնել, բայց ամէնքը լաւ մեռած էին, դարձաւ վիրաւորին քով, պատեց վէրքը ինչչափ կրցաւ, հեծուց իր ձիուն վրայ եւ շտկուեցաւ մօտակայ վանք մը, որ լեռանց ափափայից վրայ շինուած դժուարաւ գտանելի տեղ լինելուն կը յուսար թէ բարբարոսաց ոտքերը չեն հասած, եւ իրօք այնպէս գտաւ ինչպէս կը յուսար: Կրօնաւորք սիրով իջան անապատեն թաղելու համար իրենց քրիստոնեայ եղբարց մարմինները: Իսկ Զաւէն, որ Գրիգորի մարմինը կը փնտրեր` չը գտնելով ոչ նորա եւ ոչ Սուրէնի մարմինը, փառք կ'ուտար աստուծոյ եւ կ'ըսէր. «Օր մը անշուշտ յանկարծ կ'ուգայ եւ ես ձեռոքս իրեն կը յանձնեմ քուրիկը»:
Անկից իջաւ ծովեզրը, լիճը խաղաղ կը ծիծաղէր` անտարբեր մարդկային ողորմելի յուզմանց վրայ, ելաւ լողալով մակոյկին քով նստաւ, նոյն տեղ, ուր Արփենին առաջի օրը նստած կը սպանէր իւր մայրիկին, ջուրը իւր վճիտ կերպարանքն առաւ. ան ատեն նայեցաւ եւ տեսաւ ջուրին տակ մայր ու աղջիկ քովե-քով, մտաւ եւ առանց դժուարութեան հանեց զիրենք ցամաք. ըսաւ ինքնիրեն. «Աստ այս կղզին անխօս վկայ այս СКАЧАТЬ