Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 3

Название: Թէոդորոս Ռշտունի

Автор: Ծերենց

Издательство: Автор

Жанр: Исторические любовные романы

Серия:

isbn: 9781772467987

isbn:

СКАЧАТЬ լինիլն էր եւ ոչ հարստահարել, թէ աստուած համար պիտի պահանջէր այն անիրաւութեանց, որ հաւասար օտարին` կը գործադրէին զանազան գաւառներու մէջ: Եւ իշխանք, որ զաստուած շատ հեռու կը գտնէին իրենց անզգամութեանց սանձ դնելու համար` Թէոդորոսի երկիւղեն արդարութեամբ կը կառավարէին իրենց վիճակը: Ճշմարիտ հայրենասիրութիւն, որ ոչ զազգը շողոքորթելու եւ ոչ նախատելու մէջն է` կը զգար իւր արդար սիրտը եւ ուղիղ խորհրդածութիւնը. ինք կը տեսնէր եւ լաւ կը հասկնար թէ հայ ազգին թշուառութեան պատճառն զօրաւոր ազգային կառավարութիւն մը չլինելեն եւ նախարարաց անկոպար իշխանութենեն առաջ կ'ուգար, որով երկրին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն եւ փոքրիկ բռնաւորներ կը տիրէին, ստրուկք եւ խաղալիք օտարին: Եթէ ինք, որ հանճարի մարդ էր կը ջանար համոզել նախարարաց երեւելիքը միանալ դաշնակցութիւն մը կազմել օտարին բռնութենեն ազատելու հայրենիքը եւ արդարութիւնը թագաւորեցնելու համար, կային այնպիսի թուլամորթ կամ չարակամ կամ կարճատես մարդիկ, որ փախուստ կ'ուտային այդ միաբանութեան կապեն, երկրին տարածութիւնը, լեռներու անջրպէտքը ցցնելով, որոնց Թէոդորոս կը հարցնէր իրաւամբ թէ «ինչպէ՞ս ուրեմն այդ ընդարձակ տարածութեան մէջ` այդ լեռներու բարձրութենեն հայ կրօնք եւ հայ լեզու կրցեր էր ճամփայ գտնել եւ միացնել այդ ժողովուրդները հայ ազգութիւնը կազմելու համար»: Այդ մարդը, որ աչքերը տնկած Սասանեանց հզօր գահույից անկումը գուշակած էր, վասնզի ապականութիւնը եւ փտութիւնը տեսած էր թէ ի՛նչ աստիճանի հասած էին հոն Տիզբոնի մայրաքաղաքին մէջ, այդ մարդը, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլիս նոյն տեսարանը նկատած էր Բիւզանդական խարդախ եւ թունալից կառավարութեան մէջ, եւ հիմա կը տեսնէր Արաբիոյ անապատներէն վայրենի եւ բարբարոս կրօնամոլ ամբոխ մը, որ հազիւ թէ լսելի եղած աշխարհքիս` իբրեւ հրաբուխի բորբոքեալ գետ մը կը դիմէր, կը հասնէր, կը տոչորէր յաջորդաբար Դամասկոս, Եփես, Երուսաղէմ, Հալէպ, Անտիոք, Մեմփիս, Աղեքսանդրիա, Տիզբոն, որ ոչինչ չէր խնայէր, ոչ հասակ, ոչ սեռ, ոչ ալիք, ոչ սրբութիւն եւ ոչ կրօն, եւ որ սոսկալին է, կը տեսնէր ույդ հրեղէն գետը հասած դիզուած Հայաստանի սահմանագլուխը սպառնալից. դառնացեալ կը մտածէր եւ իր բոլոր միտքն ու ջանքը հոն էր, որ այս պատուհասը հեռացնէ իւր հայրենեաց վրայեն: Եւ այս վիճակին դարման տանելու համար Յունաց Սպարապետը գնացեր տեսեր էր Կարին, եւ համոզէր էր զինքը ամենայն քաղցբութեամբ` զօրաւոր փաստերով եւ ապագային ահագին վտանգներն առաջ դնելով թէ պէտք էր շարժիլ եւ շարժիլ ամէն զօրութիւն: Եւ ինք անգործ չի մնալով կը շրջէր գաւառէ գաւառ` կը յորդորէր զամենքը եւ կը զօրացնէր հայկական գունդը:

      Այս պտտճառաւ անցէր էր նաեւ Շիրակայ, որ այն ժամանակներ Կամսարականաց կը պատկանէր, եւ ուր Սուրէն իրեն ընկերացեալ զօրաց մեծ մասը Վարդանայ կերտ թողլով` փոքր խումբով Վարդանաբերդ եկած էր Կամսարական իշխանին թախանձանոք, որպէսզի աւելի հանգիստ ըէէ:

      Հազիւ թէ սաղաւարտը թողէր էր Թէոդորոս` կապոց մը գիշերային զգեստներ բերին սպասաւորք եւ Հայոց զօրավարը բոլորովփն սպառազինութիւնը թողած առաւ սամոյրը վրան եւ երբ կուզեր տարածուիլ բազմոցին վրայ հանգչելու համար, ներս մտաւ Սուրէն քրոջը հետ միասին: Մամիկոնեան Տիկինը կ'ուգար համառօտ եւ ազնիւ խօսքերով բարի գալուստ մաղթելու Հայոց զօրավարին: Թէոդորոս քաղաքավար եւ քաղցր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած հիւրընկալութեան, մանաւանդ որ ինք միշտ կը յիշէր թէ ինչ սերտ բարեկամութիւն կը կապեր Մամիկոնեան Տիկինը իւր СКАЧАТЬ