Օր մը հոն կ'եցանք, մէկ մ՚ալ յաղթութեան ձայներ լսուեցան, մեր բանտին դռները բացուեցան. իրաւ, թէպէտ ամէն աչք սգոյ արցունք կուլային, բայց դարձեալ յաղթութեան ուրախութիւնը զամենքը գինովցուցեր էր. իսկ հայրս երբ տեսանք, շփոթեցանք, չէինք գիտէր ո՞ղջ էր թէ մեռած, վիրաւոր կարծեցինք եւ իմացանք թէ յոգնած էր եւ թէ յաղթութիւնը գրեթէ նորա քաջութեան սքանչիլիքն էր: Անկողնին մէջ պառկած օրերով` բոլոր զօրագլուխները կ'ուգային զինքը փրկիչ կ'անուանէին, եւ հօրեղբայրս նախ կը վկայէր աննախանձ թէ աստուծմէ վերջը Լեւոն Կիլիկիոյ ազատարարն եւ առիւծն եղաւ: Ամէն օր կ'ուգար զինք տեսնելու: Ի՜նչ ուրախ օրեր անցան մինչեւ գերութեան օրերն, որ եկան. ոհ, մոռնամ այն օրերը եւ շյիշեմ: Ներկային վրայ` այո՛, պէտք է մտածել, բայց ներկան անծանօթ ապագայ մը ունի. տեսնենք սա կինը անշուշտ ինձի պիտի երեւայ, եւ սա քօղը պիտի վերնայ. ինչ կը նշանակէ. թէ որ յոյները զիս սպաննել ուզէին` ի՞նչ դժուարութիւն կար իրենց համար. սպասենք ուրեմն»:
Սպասաւորը եկաւ ճաշի հրաւիրելու. իշխանը, որ երբ իջաւ, տեսաւ, որ յարգանօք կ'ողջունէր զինքը առջի օրուան մարդը, որ տուն առաջնորդէր էր եւ բնակեցուցեր, դարձեալ իմացնելով թէ պատրաստ է ամէն հրամանները կատարել. իսկ Թորոս իր անհոգ եւ միամիտ ձեւը հագնելով, պատասխանեց թէ գոհ է եւ գանգատի նիւթ ամենեւին չունի: Ուստի ճաշը կատարելեն վերջը առանց երկար խօսակցութեան մտնելու այդ մատակարարին հետ, քաշուեցաւ դարձեալ վերի սենեակը` իմացնելով թէ քուն ունի:
Թէ որ Ալեքսանդրէ սկսեալ բոլոր երեւելի մարդիկ ծանր պարագաներու նախերգանաց մէջ կրցեր են քնանալ, պէտք չէ զարմանալ, յաջողութեան ապահովութիւնը միշտ յոգնած մտքի մը քուն կը պարգեւէ, այսպէս եղաւ նաեւ մեր Թորոսին, որ դարձեալ քունի թաղուեցաւ. բայց քուն մը, ուր իրեն կ'երեւար թէ գեղեցիկ, ոսկեթել մազերով կին մը թեթեւ քայլերով իբր ստուեր անկողնին շուրջը կը պտտի, ու քանի անգամ, որ ձեռքը իրեն կ'երկնցնէր` փախուստ կ'ուտար. աս խաղը շատ անգամ հանդիպելով վերջապէս աչքերը բացաւ եւ մարդ չի կար. աչքը խաբուսիկ դռանը դարձուց եւ տեսաւ կիսաբաց, թէպէտ կորովի, թէպէտ բնութենեն աներկիւղ, սաստիկ զարմացաւ տեսնելով, որ իր անշարժ սիրտը կը թնդար, կը բաբախէր եւ զօրութիւն մը զինք կը ձգէր, СКАЧАТЬ