Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ страница 8

Название: Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Автор: Ռուբեն Սեւակ

Издательство: Автор

Жанр: Поэзия

Серия:

isbn: 9781772467871

isbn:

СКАЧАТЬ style="font-size:15px;">      Ժանտախտը, Ծաղկախտը, Հնդկախտը՝ դժոխքէն փախած այդ երեք աստուածները, որոնք մէկ տարուան մէջ անթիւ բանակ մը սրէ կ՚անցընեն՝ ա՜լ չեն զօրեր ոտք կոխելու այս անծայրածիր Եւրոպան զոր բժիշկնե՜ր կը պաշարեն։

      Անոնք պահակներու պէս կը հսկեն քաղաքակրթութեան սահմանագլուխին վրայ։ Ու որպէսզի ժողովուրդներ կարենան հանգի՜ստ քնանալ՝ իրենք անքո՜ւն կը սպասեն խրամատին վրայ, նենգ թշնամիին դէմ ճակատ ճակատի…։

      Այս անհաւասար կռուին մէջ՝ որ անզէ՛ն մարդը կատղած աստուածներուն դէմ կը մղէ, յաղթութիւնը մե՛րը պիտի ըլլայ…։

      Առջի օր Ծաղկախտն ու Կեղծմաշկը անձնատուր եղան։ Երէկ Կատաղութիւնը խելօքցաւ։ Այսօր Ժանտատենդն ու Ֆրանկախտը յաղթուելու վրայ են։ Վաղը Թոքախտին է կարգը…։

      Յիշէ՛ Սպարթացի մօր խօսքը.– «Վահանո՛վդ կամ վահանի՛դ վրայ»։ Պիտի յաղթես կամ պիտի յաղթուիս, ուրիշ ճար չկայ…

      Բժիշկնե՛ր, սորվեցուցէք ձեր հիւանդներուն, որ քաջ ըլլան ապրիլը յաղթել է։ Յուսահատներուն համար այս կեանքին մէջ տեղ չկայ…։

      Վա՜յ հոգեւոր ու մարմնաւոր տկարներուն, վա՜յ երկչոտներուն, վա՜յ յոռետեսներուն, վա՜յ թերահաւատներուն։ Վատերուն համար այս աշխարհին մէջ տեղ չկայ…։

      Յոգնա՞ծ ես՝ տո՛ւր ինծի քու ձեռքդ։ Որովհետեւ եթէ կեանքի պայքարը տիեզերական օրէնք է, իրերօգնութիւնն ալ կենդանական բնա՛զդ է։

      Մենք երգելո՜վ երթանք Վաղուան։

      «Մահուան » չե՛մ ըսեր, որովհետեւ հիւանդութենէ մը մեռնիլը այնքա՜ն անբնական ու անիրաւ է, որքան արկածէ մը մեռնիլը։

      Բոլո՛ր երկիրներու ախտաւորներ, իրարո՛ւ միացէք, ձեռք ձեռքի տուէք, կազմակերպուեցէք մե՛ծ յաղթութեան, Կեանքի՛ն յաղթութեան համար…։

      Յառա՛ջ. ապրիլը յաղթե՜լ է…։

      Լօզան, 1913

      Տէր ողորմեա…

      ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ…

      – Չէրքէզը տեսա՞ք , Տոքթէօր…։

      – Ի՞նչ չէրքէզ…։

      – Չեմ գիտեր… ինծի այնպէս թուեցաւ… որքան կրցայ հասկնալ իր շարժումներէն, ճի՛շդ այս ժամուն համար ձեզի հետ ժամադրութիւն մը կը խնդրէր։

      – Անունը չարձանագրե՞ց…

      – Գրել չի գիտեր , Տոքթէօր…։

      – Բացատրութիւն մը չտուա՞ւ…։

      – Լեզու չի գիտեր , Տոքթէօր…։

      Չէրքէ՞զ մը, անգիր ու անլեզու, ան ալ Եւրոպայի ճիշդ կեդրոնը…։ Անապատներէն շեղելով քաղաքի մը փողոցներուն մէջ թափառող առիւծ մը աւելի տարօրինակ չէր կրնար ըլլալ։

      Ու ան ի՜նչ առիւծ, ան ի՜նչ շքեղ անասուն, տեսնելիք բա՜ն էր։ Ժամադրավայրին վրայ հեռուէն արդէն որոշեցի զինքը։ Եթէ բիւրաւոր բազմութեան մը մէջ ալ թաղէին զայն, դիտողին աչքը ամէնէն առաջ ու առանց վարանումի, ուղղակի իրեն վրայ պիտի իյնար։

      Լեռնցի հսկայի ահագին կերտուած մը. երկար ծալքերով լայն ու անհատնում վերարկու մը՝ որ արծաթէ նեղ գօտի մը մէջքին վրայ կը սեղմէր. անընկճելի ու հպարտ ուսեր՝ որ չէին ծռած, ու վերէն կ՚իշխէին կորաքամակ քաղքենիներու բազմութեան վրայ. թաւուտ մօրուք մը, որ ամբողջ դէմքը կը ծածկէր։ Ու այս բոլորին վրայ, վերը, մուշտակէ բարձր ու սուր գտակ մը, ուղտի մորթէ։

      Վազվզող փոքրիկ մարդոց հոսանքին մէջ ան կը սպասէր անշա՜րժ, շփոթա՜ծ, արհամարհո՜տ։ Թեւերը իրանին վրայ ծալած էր, հաւնոցի մը մէջ բանտուած արծիւի մը պէս…։

      Ի՞նչ СКАЧАТЬ