Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ страница 6

Название: Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Автор: Ռուբեն Սեւակ

Издательство: Автор

Жанр: Поэзия

Серия:

isbn: 9781772467871

isbn:

СКАЧАТЬ եւ ազատ֊համարձակ փողոցներուն մէջ կը պտտէր. մինչեւ որ անմեղ մը չմեռցնէր՝ Օրէնքը զայն յիմարանոց չէր կրնար նետել. որո՞ւ փոյթ թէ այլանդակ գնումներով փճացուցած ըլլար իր հարստութիւնը. ան կէս֊խենթն էր. արդէն բժշկութիւնն ալ խենթութիւն չանուաներ այս հիւանդութիւնը։ Իր յիշողութեան կորուստը, իր ըրածներուն մանկական տարօրինակութիւնը, իր աւելորդ ստախօսութիւնը, իր յաջորդական մեծամոլութիւնն ու մենամոլութիւնը, ու մանաւանդ իր խօսելու դժուարութիւնը եւ իր թափթփած բառերը, իր գիրերուն պէս՝ լեզուին ու մատներուն ալ դողալը, շատ որոշ հիւանդութեան մը անունը կ՚արթնցնէին մտքիս մէջ։

      Ինչպէ՞ս սկսեր էր այդ հիւանդութիւնը. ոչ թէ յանկարծակի (ինչպէս ծնողքը կը գրէին ), այլ ամիսներու ընթացքին։ Բարեկիրթ մարդ մըն էր ան, որ քիչ֊քիչ իր բնութիւնը փոխեց։ Նախ մելամաղձոտ դարձաւ, սենեակին մէջ բանտարկուած՝ օրը հարիւր սիկարէթ կ'այրէր ու կը մարէր. յետոյ բարկացոտ դարձաւ, ընտիր հասարակութեան մէջ յանկարծ զզուելի շարժում մը կ՚ընէր, գարշելի բառ մը կ՚արտասանէր։ Ծնողքը նախամեծար համարեցին զայն ճամբորդութեան պատրուակով տունէն հեռացնել, ու մինչեւ որ վերոյիշեալ նամակը չստացան՝ խենթ ըլլալը չգուշակեցին։ Արդէն ծնողները ա՛յդպէս են. ա՛յնքան երկար ատեն որ դրամնին չուզես՝ խելացութեանդ վրայ չեն կասկածիր…։

      Փարալիզի Ժեներոկն էր այս հիւանդութիւնը, քոյրը այն միւս սարսափելի հիւանդութեան՝ որ թապէս կը կոչուի, եւ որոնց երկուքին ալ հայրը հինցած սիֆիլիզ մըն է։ Բայց նախ պէտք էր ստուգել որ այս վերջին ախտը ընդունա՞ծ էր ժամանակին…։

      – Այո , – ըսաւ , – անանկ բան մը կար… հի՜ն պատմութիւն։

      Արիւնին ու մարմինին քննութիւնը կասկած չձգեցին. դարմանելն անկարելի էր, ընելիքս պա՛րզ։ Զինքը շոգենաւի մը բժիշկին յանձնելով՝ շիտակ Պոլիս ղրկեցի։ Ես ա՜լ մինակ մնացած՝ քիչ մը ատեն հանգչեցայ այդ սքանչելի քաղաքին մէջ։ Վերադարձիս՝ շոգեկառքին մէջ նորէ՛ն կարդացի նշանաւոր նամակը ու նորէ՛ն երեւակայեցի այդ խենթը, բայց այս անգամ ո՛չ թէ տարտամօրէն, հապա շա՛տ որոշ կերպով՝ այնպէս ինչպէս մօտաւոր ապագայի մը մէջ պիտի ըլլար ան, անխուսափելիօրէն։

      Ուղեղը իր այդ վերջին ու տարօրինակ լոյսերէն վերջ՝ բոլորովին պիտի խաւարէր, սեփ֊սեւ (առջի գիշերուան սենեակիս պէս ), ապուշութիւնը կատարեալ պիտի ըլլար, շարժումները անկարելի, անկողնին պիտի գամուէր, լեզուն պիտի կորսնցնէր, ուտելը պիտի մոռնար, օրը քսան սաւան պիտի աղտոտէր, օր մը պիտի գար ուր ալ զայն կերակրելն ալ անկարելի պիտի ըլլար, իր է՛ն սիրելիներուն գարշելի պիտի դառնար, պիտի նեխէր… ու ասիկա՝ անխուսափելիօրէն։

      Բայց այս պատմութիւնը անակնկալով սկսաւ եւ անակնկալով ալ պիտի վերջանար։ Տուն դարձիս՝ Պոլսէն նամակ մը գտայ, ուր ինծի կ՚իմացնէին որ խենթը՝ հոն հասած օրն իսկ՝ հազիւ բժիշկին հսկողութենէն ազատած՝ հորը նետուեր էր… Կարծես դիտմամբ՝ իմ անխուսափելի գուշակութիւններս զուր հանելու համար։

      Բնութիւնը, որ ամէն չարիքին քով բարիք մըն ալ դրած է, այս սարսափելի ախտին քով՝ իր դարմանն ալ ցոյց տուեր է. այս հիւանդները գիշեր֊ցերեկ մէ՛կ բան կը մտածեն՝ անձնասպանութիւնը։ Բժիշկները որ ուրիշ դարման մը չեն գտած՝ կը բաւականանան արգիլելով այդ բնական հակումը։ Սակայն, լաւագոյն չէ՞ հոր մը աղտոտել քան տարիներով նուիրական բոյն մը թունաւորել։

      Ու հիմա կը յիշեմ դեռ այն օրը՝ երբ մօրուքին մէջ խոշոր արցունքներ կը գլտորցնէր՝ զիս համոզելու համար որ ինք բարի СКАЧАТЬ