Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ страница 13

Название: Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Автор: Ռուբեն Սեւակ

Издательство: Автор

Жанр: Поэзия

Серия:

isbn: 9781772467871

isbn:

СКАЧАТЬ վրայ։ Մարդը այն շնչազերծ կանանչ դիակը չէ՛, որ ամիսներով քարէ սեղանի մը վրայ պառկեցուցած՝ չափեցիր, կշռեցիր, պատռեցիր, կտրեցիր, յօշոտեցիր, սղոցեցիր, բզկտեցիր, առանց որ անգամ մը բերանը բանար՝ հարցնելու համար թէ «ի՞նչ կ՚ընես, բարեկա՛մ…»։

      Քեզի հիւանդ մը ցուցնելէ առաջ՝ պատուիրեցին տարիներով դիակներու վրայ աշխատիլ, որպէսզի մարդը ճանչնաս, եւ որպէսզի հոգիդ չդողայ ու խիղճդ չպոռայ։

      Երկարօրէն քննելէ, փնտռելէ, պրպտելէ վերջ, գանկին մէջ նեխած ուղեղ մը ու սրտին մէջ սեւցած արիւն մը գտար։

      – «Ո՞ւր է հոգին, ո՞ւր է խիղճը», գոչեցիր ծիծաղելո՜վ։

      Աւա՜ղ, քու ուսումնասիրած մարդդ դիա՜կ մըն է միայն. Զգուշացի՛ր իրեն նմանելէ։ Մարդը որ կ՚ապրի, մարդը որ կը խորհի ու կը զգայ, մարդը որուն բարոյական տառապանքները բի՛ւր անգամ աւելի են քան ֆիզիքական տառապանքները, այն մարդը ուրիշ բան կը պարունակէ իր մէջ քան ճարպն ու ոսկորը…։

      Ամէ՛ն մարդու մէջ Աստուած մը կայ… Ահաւասիկ թէ ի՛նչ բան կը մոռնան քեզի ուսուցանել։

      Ցաւալի է խոստովանիլ որ այժմու բժշկական վարժարանները կեանքի առաքեալներ կը պատրաստեն ա՛յնպէս՝ ի՛նչպէս զինուորական վարժարանները կը հասցնեն Մահուան պաշտօնեաներ։ Սա՛ տարբերութեամբ որ՝ այս վերջինները զինուորին ո՛չ թէ միայն սուր ու հրացան կու տան, այլ անձնուիրութեան, վեհանձնութեան, զոհողութեան ամբողջ դաստիարակութիւն մը։ Մինչդեռ դեռատի բժիշկի մը ձեռքը թոյն մը եւ դանակ մը տալէ վերջ՝ կ ՚արձակեն զայն առանց բարոյական ու հոգեկան ո՛եւէ պատրաստութեան։

      Մարդը իբրեւ միսի ու ոսկորի շարժական գործիք մը ներկայացնելէ վերջ, բժշկութիւնը կը սորվեցնեն այնպէս՝ ինչպէս մեքենագէտներուն կը սորվեցնեն երկաթէ գործարաններուն ուսումը։

      Հոգեկան ո՛չ մէկ բառ, բարոյական ո՛չ մէկ ուղղութիւն, անցեալի ո՛չ մէկ յիշողութիւն։

      Եւ սակայն հազարներով տարիներ, Փարաւոններու երկրէն մինչեւ Աւետեաց երկիրը, ու Յորդանանէն մինչեւ Գանգէս, միլիոններով մարդիկ հոգեկան բժշկութիւնը միայն կը գործադրէին իրենց ախտերուն դէմ պայքարելու համար։ Եւ ամբողջ կրօնքներ հիմնուեցան՝ հրաշքներու հաւատալիքին վրայ։

      «Հրաշալիքներու դարը անցաւ» ըսին քեզի, ու ամուր կերպով փակեցին անբացատրելի իրողութիւններու անհանգստացուցիչ դուռները։

      Չըլլա՛յ որ նեղմիտներուն հաւատաս։ Այն մարդիկը որ ամէն բան գիտնալու յաւակնութիւնն ունին, կը մերժեն ինչ որ իրենց անհասկանալի կը թուի։ Աչերնին գոցած կը քնանան, ու աստղերը կ՚ուրանան…։

      Քանի որ խօսքը աստղերուն է՝ յիշեցնենք թէ մինչեւ 18֊ րդ դարուն վերջերը, Ֆրանսական Գիտութեանց Կաճառը կը մերժէր ընդունիլ թէ՝ երկինքէն կրնայ քար իյնալ երկրի վրայ…։ Ականատես վկաները իբրեւ խենթ ու խաբեբայ կը հռչակէր։ Օր մը, քաղաքապետ մը, իր շրջանակին մէջ ինկած երկնաքարէն նմոյշներ ղրկած ըլլալով իրեն՝ պատկառելի Ակադեմիան, 1772֊ին հրատարակած տեղեկագրով կը յայտարարէր, թէ «եղելութիւնը յայտնապէս կեղծ ու երեւոյթը ֆիզիքապէս անկարելի էր »։ Ճշմարտութիւնը իրենց գլխուն մտցնելու համար պէտք եղաւ որ այդ քարերէն մէկը իրենց գլխուն իյնար…։ 1864֊ ի Մայիս 4֊ին, ակադեմական Ատոլֆ Պրօնեար քիչ մնաց վախէն մեռնէր՝ երկնաքարի մը անկումին ականատես ըլլալով…։

      Նոյնը պիտի պատահէր նաեւ հրաշալի բժշկութեան համար։

      Տիեզերահռչակ բժիշկ Շարքօ՝ իր ամբողջ գիտութիւնը քանի մը անբուժելի հիւանդներու СКАЧАТЬ