Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 17

Название: Թէոդորոս Ռշտունի

Автор: Ծերենց

Издательство: Автор

Жанр: Исторические любовные романы

Серия:

isbn: 9781772467987

isbn:

СКАЧАТЬ չյիշուիր մէկ տեղ մը, չի կար հաստատութիւն մը, որուն վրայ ինք յենուէր, չի կար կազմակերպեալ օրէնք մը, որ զինք պաշտպանէր. եթէ լիսեր եւս` ե՞րբ օրէնքը առանց զօրութեան կրցեր է մէկուն պաշտպանութիւն լինիլ. օրէնքներն ուժ ունենալու համար միշտ կազմակերպեալ մարմնոյ մը պէտք ունէին, եւ օրէնքներն արդար գործադրութեամբ միայն կրնան ժողովրդոց սիրելի լինել եւ իրենց սրտին մէջ տպաւորուիլ` սովորութիւն դառնալ: Հայաստանի օրէնսգիրքը բացի հոգեւոր գրեանքէ ուրիշ օրինաց տեղեկութիւն չունէին. Յուստինիանոսի օրէնքները գրեթէ վեց հարիւր տարի վերջ հայերէն թարգմատնութիւն ունեցան. ի՞նչ ուրեմն կը կառավարէր այս ժողովուրդը – սովորութիւնք եւ խղճմտանք: Վաղարշակայ օրէնքները իւր արքունեաց պերճութեան եւ նախարարաց գահույից համար կարգադրութիւնք էին, եւ քրիստոնէական կրօնքին հետ հրէութիւնը այնչափ ազնուացեր էր, որ Բագրատունիք, Ամատունիք, Գնթունիք հրէական ցեղերէ իջած կը համարուէին, որ շատ կարելի է թէ սխալ մը լինէր. Արծրունիք, Մամիկոնեանք, Կ'ամսարականք օտարազգիք էին: Եւ այս նախարարները հայ ազզին տեարքն էին իրենք ազատ եւ ժողովուրդն անազատ. նոյն յանցանքին համար կանոնագիրքն կը հրամայէր, որ քահանան եւ ազատը 100 դրամ տուժէ, իսկ անազատը 50 տուժէ` շատ մը ծեծ ուտէ, վասնզի ազատին մարմնական պատիժ արգիլուած էր, ուստի՞ց, – հաւանական թէ ի սովորութեանց:

      Կային ժամանակներ ուր նախարարութեան ձեռքը այն աստիճան կը ծանրանար ժողովրդեան վրայ ոսկուոյ եւ արծաթի հարկապահանջներ դնելով, որ հեղինակ մը նմանցնէ այդ խեղճ շինականը այսինքն ժողովուրդը` «Մարդու, որ կրնկնի ի ծով եւ հնարք չի գտնէր ելնելու» եւ «Հիւանդի, որ ցաւէն տագնապեալ խօսելու նաեւ կարողութիւն չունի»:

      Ո՛վ որ լաւ դիտէ եւ ուսնի եւ դիանայ խորհրդածել պատմութիւնը, կը տեսնէ թէ աշխարհագրական դիրքն էր պատճառ ինչպէս ոմանք կարծեցին նոր ժամանակներս, որ հայ ազգը կը տկարացնէր թշնամեաց դէմ` կը բաժնէր եւ անմիաբան կ'ընէր, այլ այդ նախարարական իշխանութիւնը, որ մեծ եւ պզտի բռնաւորյււթեանց բաժնելով երկիրը, կեդրոնական իշխանութիւնը կը տկարացնէր, եւ այդ բռնաւորները գործիք կ'ընէր օտարին բանսարկութեանց եւ միջամտութեանց. ինչպեւս հին ժամանակներէ ի վեր սխալ կարծիք մը կը տիրէ թէ հայք անմիաբան են, իբրեւ թէ անմիաբանութիւնը բնածին պակասութիւն մը լինէր հայուն քով: Եթէ հայք միաբանեցան 300 թուականին, կրցան ընդունիլ միաբանութեամբ քրիստոնէութիւնը, եթէ իրենց օրինակին եւ ազդեցութեան հետեւեցան Վիրք եւ Աղուանք գրեթէ նոյն ժամանակին, եթէ հայ լեզուն կրօնից պէս կրցեր էր անցնիլ այդ սահմաններէն եւ Կուր գետի եզերքներէն մինչեւ Կորդուաց լեռները տարածուիլ, ինչո՞ւ չտեսնենք թէ միմիայն պատճառ` քաղաքագիտութեան պակասութիւնն էր Արշակունի թագաւորաց քով, որ Հայաստան անիշխանութեան կը մատներ: Եթէ Տրդատ նախարարաց դէմ նոյն հանճարն ու զօրութիւնը ի գործ դնէր` ինչ որ դրաւ` պարսիկը եւ կռապաշտութիւնը վարելու համար Հայաստանէ, Արշակունեաց աթոռը իւր մեռած վայրկենեն չէր սասանէր ի հիմանց եւ Խոսրով իւր որդին չէր կարօտէր յունաց ամբարտաւան օգնականութեան իւր հօրն աթոռը բարձրանալու համար: Ի՞նչ կարօտութիւն ունէր Աղկունեաց դաւաճան Նահապետը եւ նախարարութիւնը ջնջելէ վերջ` տեղը նոյն արտօնութեամբդ Մամիկոնեանք հաստատելու: Բայց նախարարութիւնը երբ հանդարտ էր, թադաւորներու համար ծուլութեան դիւրութիւն կ'ուտար երկրի СКАЧАТЬ