Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 13

Название: Թէոդորոս Ռշտունի

Автор: Ծերենց

Издательство: Автор

Жанр: Исторические любовные романы

Серия:

isbn: 9781772467987

isbn:

СКАЧАТЬ էր վառարանին քով, եւ ուշադրութիւն անգամ չըրաւ մտնողաց, որ յարգանօք ողջունեցին. իր երկու զինուորները հոտին կանգնած– էին դռան քով: Կ'աղզուանի աւագերէցը նստած էր վարը փոքրկացած յոյն զօրավարին ներկայութեան: Զաւէն այս վիճակը տեսնելով` քահանան հրաւիրեց վառարանին քով անցնիլ նստիլ. եւ նկատելով նորա դանդաղութիւնը` օգնեց նաեւ թեւէն բռնելով եւ վեր վարելով, եւ նքն անցաւ քովը նստաւ: Բիւզանդացի յոյնը իւր դիրքին մէջ այս ամէն շարժմունք տեսաւ, եւ լաւ իմացաւ թէ իր արհամարհանաց փոխարէն պատասխանող մը անցաւ իւր առաջ, բայց չիմանալեն եկաւ:

      Իսկ Զաւէն, որ բաւական յունարէն կը խոսէր, սկսաւ հանդարտ կերպով ժողովրդեան գանգատները, իւր զինուորներէն եղած անիրաւ պահանջները առաջ դնել, յոյս յայտնելով թէ «իրեն պէս բարձր զօրավար մը այնպիսի անկարգութեանց ներողամիտ չէր կրնար լինիլ»: Զաւէնի այս վերջին խօսքերը, ուր երգիծանքը շատ սուր եւ կծու էին, յոյնին բարկութիւնը այն աստիճանի գրգռեցին, որ շակուելով եւ նստելով` եւ խիստ ակնարկ ձգելով Զաւէնի հարցուց.

      – Դու որ զինուորի կը նմանիս կերպարանքովդ, ո՞ւմ քով ծառայած ես մինչեւ հիմա:

      – Իմ ըսած խօսքերս կ'երեւայ թէ չի կրցայ հասկցնէի ես աղաչանք մը ըրի, որ հրաման ընէք զինուորներուն անիրաւ պահանջներ չընելու. իսկ դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով զինուորած եմ. այդ հարցմունքը ինձ զարմանք կ'ուտայ, ուստի ես էլ համարձակութիւն կառնում ձեզ հարցնելութէ ի՞նչ կը նշանակէ այդ հարցմունքը:

      – Դու հասարակ շինական` կը համարձակիս ինձ` հոռոմ իշխանի հարցմո՞ւնք ընել:

      – Ի՞նչ յանցանք կայ այդտեղ, մարդ չգիտցածը միշտ իրաւունք ունի հարցնել: Դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով ծառայէր եմ, նոյնպէս ես էլ հասարակ շինական համարձակութիւն առի ձեզ հարցնել թէ ի՞նչ մտօք այդ հարցմունքը կ'ընէք. չար միտք եթէ ունենայի կրնայի հարցնել թէ դո՞ւք էիք արաբաց դէմ այդ մեծ յաղթութիւնը կարգադրողը թէ Պրոկոպիոս:

      – Դեռ նախատե՞լ զիս կը համարձակիս, անա՛րգ շինական, – ըսաւ Թումայ եւ ելաւ սուրն առնելու:

      – Հանդարտ տեղդ նստէ, հոռոմ իշխան, – ըսաւ Զաւէն ծանր եւ արհամարհոտ ձայնով եւ ամենափոքր շարժմունք նաեւ չընելով. – ես երբ հոռոմ իշխան կ'ըսեմ, պէտք է իմանաս թէ իմ մտքիս մէջ այդ քու անարգ շինականներեդ աւելի անարգ բան մը կ'իմանամ, քու այդ սուրեդ վախցող մարդ չի կայ այստեղ, ես գրաւի կ'ուգամ, որ այդ խեղճ սուրը պատեանեն անգամ ելած չէ տարիներէ ի վեր եւ ժանգոտած է: Իսկ եթէ այս խեղճ շինականի սուրը պատ եանեն ելնէ յանկարծ` Լուսաւորի՜չ վկայ, որ առանց քանի մը հոգի հանելու տեղը չի դառնար:

      Այն անշարժութիւնն, այն հանդարտ ձայնը, այն արհամարհոտ կերպը, որ Զաւէնի վրայ նկատեց յոյն զօրավարը, բաւական եղան, որ կերպը փոխէ եւ ինքզինքը սանձէի ուստի կիրքը թողուց եւ արհամարհանաց ձեւ մը առնելով նստաւ:

      – Հա՛, այդպէս խելօք նստինք եւ մարդու պէս տեսնուինք, դուք մեր հիւրն էք, մեր հայրենական սովորութիւնն է հիւրը պատուել, բայց հիւրը եթէ աւազակութիւն ընէ` դեռ այն ժամանակներում չհասանք բոլորովին, որ անպատիւ թողունք, ուստի հիմա քեզ կ'իմացնեմ բարեկամաբար, որ եթէ այս վայրկենես փոքրիկ բռնութիւն մը լինի աւանիս մէջ, բոլոր յոյները ջարդել կ'ուտամ, եւ որպէսզի մեղք ինձ չի համարուի` ահա քու առջեւդ կը հրամայեմ. – Տէր Հայր, – ըսաւ աւագերէցին, որ իւր քով նստած էր, – գնա շուտով եկեղեցին, ամէն տեղ իմաց տուր, որ զէն բերնին պատրաստ կենան, եւ առաջին անիրաւութեան եկեղեցիներն իմաց տան եւ եկեղեցուոյ մը կոչնակները զարնուած վայրկենեն СКАЧАТЬ