Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 6

Название: Թէոդորոս Ռշտունի

Автор: Ծերենց

Издательство: Автор

Жанр: Исторические любовные романы

Серия:

isbn: 9781772467987

isbn:

СКАЧАТЬ Թէոդորոսի տեղապահ եւ մեծ բարեկամն է. սա է, Ատոմ Շահունի, երկիւղ երթէք չէ գիտցել թէ ի՞նչ է, մահն արհամարհել իրեն բնութիւն է դարձել, հիմա որ վաթսունն անց է, պատերազմի մէջ երիտասարդէ լաւ կը կռուի, կարող է խարդախութիւն մը, սուտի մը համար իր զաւակն սպաննել. կարծեմ թէ իւր ծիծաղը ոչ ոք տեսած չէ, երբ մօտենանք եւ զինքը դաժան տեսնես մի՛ զարմանար, բացի Թէոդորոսէ ոչ ոք համարմունքի արժանի չի սեպեր, եւ շնորհք է եթէ չարհամարհէր»:

      Եւ իրօք, երբ մօտեցան, ծեր զօրավարը հազիւ թէ ընքուիների թեթեւ շարժմունքով բարեւ մը առաւ, իւր արձանի դիրքը ամենեւին չի Փոխեց: Իսկ Սուրէն, որպէսզի կարէնայ զինք խօսեցնել, նոյն Ատոմի առ Թէոդորոս դրած թղթիկը ցոյց տալով, հարցուց թէ ո՞ւր էր Հայոց զօրավարը:

      – Այս նամակն ո՞վ քեզ տուաւ, Կամսարական, – ըսաւ դաժան ծերը:

      – Այս առաւօտ ինձ տուին իշխանին կողմեն:

      – Դուք քնած էիք, երբ նա հոս էր, – զրուցեց ծերը խստութեամբ, եւ իբրեւ թէ ինքնիրեն խօսելով, – այս է ահա մեր իշխանաց եւ իշխանազանց սովորութիւնը, ամենեն լաւերը քուն կը լինին, երբ գործելու ժամանակ է, իսկ վատերը մեծ շնորհք կ'ընեն եթէ մատնիչ չլինին եւ թշնամուոյն չառաջնորդեն:

      – Կարելի՞ է, Ատոմ իշխան, մեզ իմացնես թէ որո՞նք են թշնամուոյն առաջնորդողք:

      Այս խօսքին ծերը պատասխան նաեւ չի տալով`

      – Հայոց զօրավարը, որ այս թուղթը քեզի թողէր է, ըսել կուզէ, որ երթաս զինքը յունաց բանակը գտնեմ, տէ՛, գնա՛, մի՛ դանդաղիր, տե՛ս, ինձ էլ պատվփրեց զօրքը պատրաստի ունենալ, – ըսաւ եւ ձեռքով ցցուց զօրքը, որ պատրաստ զէնքի վրայ կանգնած կը սպասէին:

      Եւ այս խօսքերը զրուցելով կռնակը դարձուց բոլորովին:

      Իսկ Սուրէն առանց խօսելու հեծաւ ձին եւ սկսաւ շարունակել իւր ճամփան, երեւակայելով թէ տեղեկութիւն հարցնել յունաց բանակին համար այդ քաղցր ծերուն աւելորդ եւ չափազանց հետաքրքրութիւն պիտի թուեր եւ մեծ յանդիմանութեան առիթ, իր ծիծաղը սանձելով կը շտապէր աոաջ անցնելու: Իսկ Գրիգոր, երբ հազիւ քիչ մը հեռացան` քրքիջ բարձրացնելով հետեւեցաւ քեռուոյն մինչեւ մատեցան Վաղարշակերտի, եւ յունաց բանակը երեւցաւ:

      ԳԼՈՒԽ Գ

      Մեր Կամսարականն եւ քեռորդին մտան յունաց բանակը, որ Վաղարշակերտի շուրջը տարածուէր էր: Հռոմէական անունը թէպէտ կը պահէին Բիւզանդիոյ կայսերք, եւ արտաքին փայլը դեռ կ'երեւար, բայց ամէն բան եւ զինուորութեան ամէն կարգ, կանոն թուլցած, աւրուած էր, հռոմէական արծիւն էր, որ լեգէոններուն գլուխը թեւերը կը տարածէր, բայց թշնամուոյն առաջին դիմադրութեան եւ հարուածին կը սլանար ի փախուստ, եւ այդ լեգէոնները միշտ մեծ քաջութիւն ցոյց կ'ուտային ներքին խռովութիւնք հանելու քան թէ թշնամուոյն դէմ պատերազմելու:

      Եթէ զինուորին քով վատութիւն եւ անկարգութիւն սովորական էին դարձած, զօրավարները նաեւ շատ անգամ շնորհուկով անուանեալ եւ ոչ արժանաւորութեամբ գոռոզ յանձնապաստան եւ անարգ պալատական` հրամայել միայն դիտէին խաղաղութեան ժամանակ քան թէ առաչնորդել պատերազմի մէջ: Այսպիսի անձ մի էր Պրոկոպիոս, որ այս հռոմէական անուանեալ բանակին Սպարապետն էր, եւ որ Թէոդորոսի թախանձանոք եւ յորդորանոք հազիւ կրցեր էր շարժիլ եւ հասնիլ Կարնոյ ի Բագրեւանդ ամենայն դանդաղութեամբ:

      Ուստի Սուրէն եւ Գրիգոր երբ մտան բանակը, ուղղուեցան Սպարապետին վրանը, որու դռան առաջ շարուած կանգնած էին հայ զօրավարին թիկնապահները: СКАЧАТЬ